2011-08-23 13:56:33

2011` Հայ Մանուկի Տարին -


«Գաթային Գաղտնիքը» Մանկական Գունազարդ Հրատարակութիւն։
Հայ մանուկի տարին հարստացաւ բազմատեսակ հրատարակութիւններով: Արամ Ա. վեհափառին հռչակած Հայ մանուկի տարին ունեցաւ զանազան անդրադարձներ, որքան հրատարակչական, նոյնքան` դասախօսական կամ այլ կարգի ձեռնարկներով: Համազգայինի Լիբանանի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը կազմակերպեց մանկապատանեկան գիրքերու ցուցահանդէս: Այս առիթով կազմակերպուեցան նաեւ միջդպրոցական ընթերցանութեան մրցում` չորս լեզուներով, հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն:
Կատարուեցան նաեւ միջդպրոցական գծագրութեան մրցումներ, նոյնպէս` գիրքերուն հետ մտերմանալու տարբեր աշխատանքներով մրցումներ:
Այս մարզը եղաւ տարաբնոյթ եւ հետաքրքրական` իր տեսակին մէջ: Հայ գիրքերու նկարազարդ հրատարակութիւնները ուրախութիւն ներշնչեցին մանուկներուն եւ անոնց ծնողներուն, նաեւ` մանկավարժ ուսուցչուհիներուն:
2011-ին լոյս տեսաւ նկարազարդ ալպոմ մը` «Գաթային գաղտնիքը» անունով: Հեղինակն է Սօսէ Խտըշեան-Պէրպէրեան, որ գրած է թեման եւ նոյն ատեն նկարազարդած է գունագեղ ներկայացումով:
32 էջերու վրայ արձանագրուած պատմութիւն մըն է, որ կը կատարուի մեծ մամային եւ իր թոռան` Արենիին միջեւ: Թէ ինչպէ՛ս կը պատրաստուի Զատկուան գաթան եւ ի՞նչ է անոր փոխանցած գաղտնիքը:
Մարիամ մեծ մաման համբերատար է ու մանրամասնութեամբ ցոյց կու տայ յստակ բացատրութիւններով, թէ ինչպէ՛ս կը դիմաւորուի Ս. Զատիկը հայ տուներէն ներս: Հոս հարցը կը կեդրոնանայ հայկական աւանդութիւններուն, մեր արմատներուն հետ կապուած մնալու հիմնական հարցերուն վրայ, որոնցմով կը պահպանուի հայ ընտանիքը սերունդէ սերունդ:
Նոր օրերուն մեր բարքերը խախտումներ արձանագրած են, որովհետեւ կարգ մը հայ ընտանիքներու մէջ անտեսուած է աւանդութեան հետ մտերմանալը, թոռնիկ եւ մեծ մայրիկ կամ մեծ հայրիկ յարաբերութիւններն ալ նուազագոյն աստիճանի հասած են: Հետեւաբար ուրախութիւնը կ՛ունենանք, երբ նոր սերունդի մեր երիտասարդ մայրերուն մէջ տեսնենք աւանդութիւնները արժեւորողներ, որոնք իրենց թարմատի զաւակներուն կը փոխանցեն իրենց մանկութեան տարիներուն ընտանեկան եւ մեծ մամային հետ ունեցած փորձառութիւնը` զայն արտայայտելով մանկական գրականութեամբ:
Այս հրատարակութիւններէն է նոր լոյս տեսած, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ տպուած` «Գաթային գաղտնիքը» նկարազարդ ալպոմը, ուր էջ առ էջ նկարներով եւ հակիրճ բացատրութիւններով կը ներկայանայ գաթան պատրաստելու արարողութիւնը: Թոռնուհի Արենին լրջութեամբ կը հետեւի գաթան շաղելու եւ պատրաստելու գործընթացին: Ի վերջոյ գաթան պատրաստուած է եւ անուշ կը բուրէ: Մեծ մաման կը թելադրէ Արենիին` երկու գաթայ տանիլ վարի դրացիին, երկու գաթայ` Նիկոլին, վերադարձին` երկու գաթայ ալ Շաղիկին:
Արենին կը զարմանայ ու կ՛ըսէ մեծ մամային.
- Բայց, մեծ մամա, մեզի բան չմնաց:
- Մնացածը մեզի կը բաւէ, Արենի՛:
- Մեծ մամա՞, դեռ չըսիր գաթային գաղտնիքը:
- Ձա՛գս, գաթային գաղտնիքը զայն բաժնելուն մէջն է, այս սովորութիւնը միշտ պահէ,- կը յորդորէ մեծ մաման…:
Զառակս ի՞նչ ցուցանէ, թէ մեր գոյութեան պահպանումը, մեր ազգային ու ցեղային ինքնութեան անվթար պահպանումը մեր աւանդութիւններուն հանդէպ մեր յարգանք ունենալն է, որ մեզ պիտի հեռացնէ օտարամոլութենէ` մեզ ամուր կապելով մեր արմատներուն: Աւանդապահութիւնը կը գոյատեւէ ազգին իրաւ դիմագիծը:








All the contents on this site are copyrighted ©.